2012-07-03 12:11:37

Միջազգային Հասարակութեան Ուղղուած Եկեղեցւոյ Կոչը` Վերջ Դնելու Ինտոնեզիայի Հարստահարումը Բաբուազիայի Դէմ։


''Բաբուազիան դարձած է հարստահարումի երկիր, հաւաքական զարհուրանքի վայր, ուր կ'իշխէ վախը եւ արիւնը'', յայտնած է, Ճակարդայի մէջ մամուլին հետ ունեցած իր ելոյթի ընթացքին, Բեննի Ճիայ վերապատուելին որ է նախագահը Բաբուազի եկեղեցիներու խորհուրդին։ Ան կոչ ըրած է միջազգային հասարակութեան որ դադրեցնել տայ հարստահարումը ու բռնութիւնները Բաբուազիայի ժողովուրդին դէմ։

Իսկ Ս. Աթոռը խստիւ դատապարտած է Քենիայի քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած արիւնալի արարքը` որակելով զայն որպէս ''անորակելի վատութիւն'' ։
Ցաւով կ'իմանանք որ ամէն կիրակի օր, պատարագի ընթացքին, մահափորձեր կը կատարուին քրիստոնեայ հաւատացեալներու դէմ, ըլլայ Քենիա ըլլայ Նիճերիոյ մէջ, յայտարարած է Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը ու ընգծած` թէ նման տմարդի արարքներ` դժբախտաբար սովորական դարձած են եւ ահաբեկիչներու կողմէ դիտուած որպէս ազդու միջոց մը ատելութեան ու վախի ծաւալումին համար։Քենիայի քրիստոնեաներու դէմ կատարուած մահափորձը զարհուրելի եղելութիւն մըն է ու խիստ մտահոգիչ - ըսած է Ան։








All the contents on this site are copyrighted ©.